2013-01-29 11:53:44

Օթավա Տիէս` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր շաբթուայ խմբագրականը կը նուիրէ Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի շաբթուան զայն որակելով որպէս համամիութենական ''հոգեւոր'' զօրաւոր պահ մը որ իմաստ կու տայ բոլոր համամիութենական ձեռնարկներուն։
Անցեալ 29 դեկտեմբերին Թեզէի երիտասարդներու 35րդ եւրոպական հաւաքը ու այդ առթիւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կայացած երիտասարդներու աղօթքի հսկումը, Սրբազան Քահանայապետի շուրջ, ազդու խորհրդանիշն է այս ''հոգեւոր միութեան'' - կը գրէ Հայր Լոմպարտին ու կը հաստատէ ``Այդ գիշեր ոչ մէկը մտահոգուած էր այդ երիդասարդներուն դաւանանքային ծագումէն, ամէնքն ալ կը պատկանէին Քրիստոսի պարգեւած Հոգւոյն ու ամէնքը ուղեւորութեան մէջ են դէպի Քրիստոս որպէս երկրի վրայ յոյսի ուխտաւորներ։''
Շարունակենք աղօթել եւ ձգտիլ միութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.